4 Օգոստոսին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատահած աղէտալի պայթումէն ետք, գանատահայ գաղութը միասնականօրէն լծուեցաւ լիբանանահայութեան օժանդակելու անյետաձգելի աշխատանքին:
Այս ուղղութեամբ, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը առաջին իսկ օրէն հետեւողական ձեւով կապի մէջ մտած է Գանատայի պետութեան համապատասխան բաժանմունքներուն հետ եւ ջերմօրէն ողջունած Լիբանանի համար նախատեսուած Գանատայի աւելի քան 30 միլիոն տոլարի օժանդակութեան ծրագիրի յայտարարութիւնը:
Պետութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ պատրաստ է Լիբանանի մէջ գտնուող գանատացի հպատակներուն տունդարձը ապահովել կարելի բոլոր միջոցներով, ինչպէս նաեւ խոստացած է ձրիաբար երկարաձգել լիբանանեան հպատակութիւն ունեցող անձերու ժամանակաւոր կեցութիւնը Գանատայի մէջ. անոնք այժմ կը գտնուին Գանատա աշխատանքային կամ զբօսաշրջութեան արտօնագիր-վիզայով:
Պէտք է նշել, որ հակառակ տարածուած կարգ մը տարաձայնութիւններուն, առայժմ չկան յատուկ ծրագիրներ, որոնք կը միտին լիբանանցիներու համար ներգաղթի դռները բանալ դէպի Գանատա:
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նոյն թափով պիտի շարունակէ իր աշխատանքները Գանատայի կառավարական օղակներուն հետ` ձգտելով ապահովել օժանդակութեան եւ նպաստի ամէն միջոց, որմով կարելի պիտի ըլլայ նեցուկ կանգնիլ լիբանանահայութեան վերականգնման կարեւոր աշխատանքին:
ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ