ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը զսպելու համար, Կլենտէյլ քաղաքը հականեխման նիւթեր եւ դիմակներ պիտի բաժնէ։
Գործատէրերուն եւ քաղաքացիներուն համար բաշխում մը տեղի պիտի ունենայ 28 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ․ե․ ժամը 1, քաղաքի հրշէջներու կեդրոնին մէջ (780 Flower St․)։
Միայն գործատէրերուն համար բաշխումներ տեղի պիտի ունենան 1 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ․ե․ ժամը 1 եւ 3 Սեպտեմբերին, կ․ե․ ժամը 2-5, 117 N. Artsakh Ave. Հասցէին։
Նաեւ, գործատէրերուն 500ական տոլարի աջակցութիւն պիտի տրամադրուի՝ իրենց պաշտօնեաներուն եւ յաճախորդներուն համար հականեխման նիւթեր, դիմակներ եւ ձեռնոցներ տրամադրելու ծախսերուն համար։ Դիմումնագիրները պիտի ընդունուին 31 Օգոստոսէն սկսեալ։
Դիմելու կամ յաւելեալ տեղկութիւններու համար այցելել www.ChooseGlendaleCA.com կայքը, դիմել chooseglendale@glendaleca.gov հասցէին կամ (818) 548-2005 թիւին։
Նշենք, որ Կլենտէյլի մէջ ցարդ արձանագրուած են 2929 վարակումներ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 23 Օգոստոսին հաղորդեցին, որ նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուած են 1098 վարակումներ եւ 8 մահեր։ Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 231,695 վարակումներ եւ 5545 մահեր: Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 670,055 վարակումներ եւ 12,152 մահեր:
Մօտաւորապէս 5.9 միլիոն վարակակիրներով եւ 180,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 3.6 միլիոն, 3.1 միլիոն եւ 961,493 վարակուածներ: Նաեւ, Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 114,772 մահեր, Մեքսիքայի մէջ՝ 60,480, իսկ Հնդկաստանի մէջ՝ 58,317:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 23.7 միլիոն է, իսկ մահերունը՝ 814,000: Ապաքինած են 16.2 միլիոն վարակուածներ: