ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Ուրբաթ առաւօտ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի հայ մամուլի առցանց ժողովին մասնակցած խմբագիրներուն այցելութիւնը:
Այցելութեան նպատակն էր վեհափառը իրազեկ դարձնել ժողովին արծարծուած միտքերուն եւ առաջարկներուն ու զեկուցել հետագայ աշխատանքներուն մասին:
Խմբագիրները զեկուցեցին, որ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ համահայկական համագումարէն ետք, համակարգող խորհուրդը թէ՛ լիագումար եւ թէ առցանց նիստերով կ՛աշխատի իրականացնել համախմբումի տարբեր ձեւաչափերով նիստեր եւ քննարկումներ:
Այդ ծրագիրներէն բխած եւ ներկայ պայմանները նկատի ունենալով՝ որոշուած էր գումարել տարածաշրջանային առցանց նիստեր, որոնցմէ առաջինը միջինարեւելեան մակարդակով տեղի ունեցած է արդէն:
Շուտով տեղի պիտի ունենայ նաեւ Եւրոպայի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու նիստը: Այս բոլոր աշխատանքներուն նպատակը լրագրողական ցանցը աշխոյժ պահելն է եւ համախմբուածութեան կանոնաւոր կշռոյթներ ապահովելը:
Վեհափառը բարձր գնահատեց մամլոյ ոլորտին մէջ տարուող աշխատանքները, որոնք հետեւողականութիւն կը ցուցաբերեն եւ կ՛աշխատին միշտ արծարծ պահել անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցող հայ մամուլին առաքելութիւնը:
Իր կարգին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, կարեւոր նկատելով մամուլը համախմբելու եւ կառուցակարգուած ձեւով աշխատելու իրողութիւնը՝ յայտնեց, որ պետութիւնը միշտ պատրաստ է սատար կանգնելու հայրենիք-Սփիւռք ուղղութեան վրայ մամուլը ներկայացնող գործիչներու համախումբ աշխատանքներուն:
Խմբագիրները անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառին իր ցուցաբերած նիւթաբարոյական աջակցութեան՝ մամուլի պահպանման ու զարգացման եւ առաքելութեան անշեղ երթին համար: