ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք»․- Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով յաւելեալ 1․436 միլիոն տոլար յատկացուցած է Հայաստանին՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին համար:
Ըստ Միջազգային զարգացման գործակալութեան՝ Ուաշինկթըն ցարդ Հայաստանին մօտաւորապէս 4 միլիոն տոլարի հրատապ օգնութիւն տրամադրած է` գործակցելով Հայաստանի կառավարութեան, միջազգային մարդասիրական գործընկերներու եւ այլ շահագրգիռ կողմերու հետ՝ բացայայտելու ներդրումի կարիք ունեցող ոլորտները՝ ըստ առաջնահերթութեան:
Նոր նպաստէն մէկ միլիոն տոլար օժանդակութիւն պիտի յատկացուի գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն, իսկ 436,000 տոլար անոնց, որոնք համաճարակին պատճառով չեն կրնար վերադառնալ իրենց մշտական բնակավայրը: