ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԹՐԹՌԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1930ին, Քեսապ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Հայկազուն Թրթռեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 23 Օգոստոս 2020ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր, 2020ին, առաւօտեան ժամը 10։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Երջանուհի Թրթռեան
Զաւակները՝ Ասատուր Թրթռեան
Քեռի եւ Մարիա Թրթռեան եւ զաւակները
Հրակ եւ Վարդուհի Թրթռեան եւ զաւակները
Յուշիկ եւ Սեւան Գարակէօզեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Ճորճ եւ Մարի Թրթռեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ երէցկին Զուարթ Յակոբեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Վարսենիկ եւ Ալճիս Նաքիւթիս եւ զաւակը
Քենին՝ Մանուշակ Փանոսեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Խնամիները՝ Նազարէթ Գարակէօզեան եւ զաւակները
Քիստորեան ընտանիք
Յարութիւն եւ Փայլուն Գարակէօզեան եւ զաւակները
Եւ համայն Թրթռեան, Մարգարեան, Անտէքեան, Սանդուրեան, Աշըգեան, Սաղտըճեան եւ Քիլաղպեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Kessab Educational Association of Los Angeles-ին (P.O. Box 371507, Reseda CA 91335) կամ Holy Martyrs Ferrahian School-ին (5300 White Oak Ave., Encino CA 91316)։
ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԹՐԹՌԵԱՆի`Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տարիներու վաստակաւոր ուսուցիչին, մահուան տխուր առիով, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԹՐԹՌԵԱՆի՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական շրջանի Ազգային երեսփոխանին, մահուան տխուր առիթով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմը, դպրաց դասը, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմը եւ ծնողա-օժանդակ մարմինը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԹՐԹՌԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն եւ կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Երջանուհի Թրթռեանին, զաւակներուն ՝ Քեռի Թրթռեանին, կոմիտէութեան ընկերներէն Ասատուր Թրթռեանին, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԹՐԹՌԵԱՆի մահուան տխուր առիով, ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրնեց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ իրենց ընկերներէն Քեռի Թրթռեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն: