ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ապրիլեան պատերազմին հերոսաբար զոհուած հարիւրապետ Արմենակ Ուրֆանեանին Արցախի հերոսի բարձրագոյն կոչում շնորհելու միջնորդագիր ստացաւ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Նախագահը այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ ըսելով. «Արմենակ Ուրֆանեանի անձնուրաց ու հայրենանուէր պահուածքի մասին ժամանակին բազմաթիւ քննարկումներ են եղել: Նրա հերոսական կերպարն ըստ արժանաւոյն գնահատելու համար, կարծում եմ, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տոնի լաւագոյն որոշումը կը լինի: Սիրով եւ հպարտութեամբ կը հաստատեմ»։