ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- «Խաղաղութեան համար գիրքեր» համաշխարհային մրցանակը այս տարի պիտի շնորհուի պարսկահայ անուանի խմբավար եւ երգահան Լորիս Ճգնաւորեանին։ Մրցանակը 2017էն ի վեր ամէն տարի կը շնորհուի խաղաղութեան ծառայող արուեստագէտի մը։
Ըստ tehrantimes.com կայքին՝ մրցանակը պիտի շնորհուի համաճարակի օրերուն Ճգնաւորեանի յօրինած «Քորոնա» խորագիրով երաժշտական ստեղծագործութեան համար։ Գործը կը բաղկանայ երեք բաժիններէ՝ «Յարձակում», «Մահ», «Կեանք»։
Պարսկաստանի Պրուքենթ քաղաքը ծնած 82ամեայ անուանի երգահանը իր մրցանակը պիտի ստանայ 12 Սեպտեմբերին, Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսութեան մը ընթացքին։
ՊՐՆ’. ՃԳՆԱՎՈՐԵԱՆ ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱՐ ԱՐԺԱՆԻ ԷՔ
ԼԱՎԱԳՈՅՆ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՎ ՀԱՅՈՒԹԵԱՄԲ և ԱՇԽԱՐՈՎ