ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ռուսիոյ Միաւորուած օդանաւային շինարարական ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է «Սու-25»ի արդիականացման եւ վերանորոգման պայմանագիրը: Այս մասին ան յայտնեց «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
«Կնքուեց 4 «Սու-25»երի արդիականացման ծրագիր, որը տարիներ շարունակ չի յաջողուել իրականացնել: Ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտում բաւականին հետաքրքիր լուծումներ են եղել, ինձ ոգեշնչում է մասնաւոր կազմակերպութիւնների ներգրաւուածութիւնը, համատեղ ձեռնարկութիւնների ստեղծումը ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտում», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ կը նախատեսուի նոր խմբաքանակի «Սու-30» կործանիչներու ձեռքբերումը: