ԵՐԵՒԱՆ.- «Վերջին տարիներին Թուրքիան անընդատ ձգտում է մասնակցել Արցախի հարցի բանակցային գործընթացին, փորձեր է անում այդ առաքելութիւնն իր վրայ վերցնել: Սրա նպատակն այն է, որպէսզի կարողանայ Ադրբեջանի տեսակէտը, մօտեցումները փորձել միջազգային հանրութեան անունից ներկայացնել եւ ինչ-որ տեղ այդ ամէնը նիւթականացնել: Հետեւաբար, այս ամէնի մէջ կարելի է դիտարկել նաեւ Թուրքիայի պաշտպանութեան նախարարի վերջին յայտարարութիւնը», «168.am»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան` անդրադառնալով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին վերջին յայտարարութեան:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած էր Հայաստանի` Ատրպէյճանի հետ Յուլիսին տեղի ունեցած բախումներուն եւ կրկնած «Ատրպէյճանի եղբայր պետութիւն ըլլալու, երկու պետութիւն, մէկ ազգ ըլլալու» մասին յայտնի թէզերը:
Հ. Աքար նաեւ ընդգծած էր, որ Թուրքիան նոյնպէս այս հակամարտութեան կողմ կը հանդիսանայ եւ կը դատապարտէ Հայաստանի «յարձակողական» կեցուածքը:
Վահրամ Բալայեանի համաձայն` թրքական կողմը միշտ ալ հանդէս եկած է նման յայտարարութիւններով, որոնց կարգին՝ յուլիսեան դէպքերուն ատեն անոր պահուածքը համահունչ էր այդ յայտարարութիւններուն:
Ըստ անոր՝ հայկական կողմը իր բոլոր կարողականութեամբ եւ ուժերով պէտք է պայքարի, որպէսզի Թուրքիան իր նպատակներուն չհասնի:
«Արցախի հիմնահարցի վերջնական լուծում ստանալու համար Արցախի ժողովուրդը նոյնպէս պէտք է իր խօսքն ասի, բնականաբար, այդ բանակցային գործընթացի մաս պէտք դառնայ Արցախը: Ինձ մօտ այն տպաւորութիւնն է, որ Ադրբեջանը նպատակ չունի հարցին լուծում ապահովել, որովհետեւ քաջ գիտակցում է, որ Արցախեան կողմի մասնակցութիւնը նոյնպէս պէտք է ապահովել: Հետեւաբար` Ադրբեջանը որքան շուտ սա ընկալի, հարցն այնքան շուտ եւ հեշտ կը լուծուի», դիտել տուաւ Վ. Բալայեան:
Պատգամաւորը նաեւ ընդգծեց, որ հայկական կողմէն թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ քաղաքական ուժերը ոչ միայն տեղեկատուական դաշտին, այլ նաեւ դիւանագիտական ուղիներով պէտք է փորձեն միջնորդ երկիրներու եւրոպական կառոյցներուն` ԵԽԽՎին ու այլ կառոյցներու ներկայացնեն Թուրքիոյ ոչ-կառուցողական մօտեցումները եւ խօսին այդ մասին: