ՍՕՆԱ ԳԻԶԻՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 9 Մայիս 1942ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Սօնա Գիզիրեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր, 2020ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Ներկայ պայմաններուն պատճառով, յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ միայն անմիջական ընտանիքի պարագաներով։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Սիւզի Հապէշեան եւ դուստրերը՝ Սարին եւ Դալար եւ իր նշանածը՝ Արամ Պասմաճեան
Դուստրը՝ Ալին եւ Վաչէ Եփրեմեան եւ դուստրերը՝ Ալիք, Լորենի եւ Վանա
Զաւակը՝ Մոսիկ եւ Թէնի Գիզիրեան եւ զաւակները՝ Մայքլ եւ Ալէքս
Եղբայրը՝ Սերոբ եւ Նորա Սերոբեան եւ զաւակները՝ Թալին եւ Հուրի իրենց ընտանիքներով
Քոյրը՝ Սօսի Հացագործեան եւ զաւակները՝ Վիգէն եւ Ժաք իրենց ընտանիքներով
Եղբայրը՝ Սիմոն եւ Սօսի Սերոբեան եւ զաւակները՝ Սապին եւ Սանտրա իրենց ընտանիքներով
Տալը՝ Փօլէթ Մազմանեան (Գանատա)
Խնամին՝ Էդիկ Մարտիկեան
Եւ համայն Սերոբեան եւ Կարապետեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի »Սիփան« մասնաճիւղին, 211 W. Chestnut St. #201, Glendale, CA 91204։
ՍՕՆԱ ԳԻԶԻՐԵԱՆի՝ ՀՕՄի նախկին Շրջանային վարչութեան եւ «Սիփան» մասնաճիւղի անդամուհիին մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ հոգեբանական բաժինի տնօրէնութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակնեուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍՕՆԱ ԳԻԶԻՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, անդամ-անդամուհիները եւ «Սալբի Հացպանեան» Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
Տասնեակ տարիներու գործօն ընկերուհի. Հ)Մ ի Սիփան Մասնաճիւղիս սիրուած ընկերուհի Սօնա բացակայութիւնդ զգալի պիտի մեր հաւաքներուն եւ ընկերական հանդիպումներուն … տխուր ու ցաւ է մեզ բոլորիս … Աստուած հոգիդ լուսաւորէ . Երկնային մխիթարութիւն ընտանիքիդ հարազատներուն եւ բոլոր ընկերուհիներուն ՀՕՄ մեծ ընտանիքին