ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Քովիտ-19» համաճարակին սկիզբէն ի վեր, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան շրջանի Հոգեբանական կեդրոնը տարբեր մօտեցումներով համայնքին կ՛ընծայէ հոգեբուժութեան իր ծառայութիւնները: Հոգեբանական կեդրոնի մասնագիտացած անձնակազմը կ՛աշխատի տոքթ. Իտա Գարայեանի վերահսկողութեան տակ:
Այս դժուար ժամանակին, անհատներ կրնան ունենալ չափազանց յոյզեր՝ ճնշուաշութեան, վախի կամ անորոշութեան հետ կապ ունեցող եւ նման հարցեր յաղթահարելու համար օգտակար է խորհրդատուութիւն ստանալը եւ խօսիլը մասնագէտ հոգեբանի հետ:
Մենք այստեղ ենք՝ ձեզ օգնելու համար եւ կրնաք մեզ դիմել՝ հեռաձայնելով (818) 546-2744 թիւին:
Հայ Օգնութեան Միութեան կեդնոնատեղիի հասցէն՝
517 West Glenoaks Blvd, Glendale, CA 91202
(Հաղորդագրութիւնը՝ ՀՕՄէն)