ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Այ.»․- Միացեալ Նահանգներու նախագահի Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Ճօ Պայտըն քննադատեց նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի թունաւորման վերաբերեալ յայտարարութիւն չկատարելուն համար:
Նաւալնի, Գերմանիոյ պնդումով, թունաւորուած է «Նովիչոք» նիւթով:
«Յարձակումին ոճը կասկածի տակ չի դներ այն փաստը, որ կատարուածին պատասխանատուն Ռուսիան է: Թրամփ կը մերժէ դիմակայել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ան տակաւին չէ դատապարտած Նաւալնիի վրայ կատարուած յարձակումը: Անոր լռութիւնը մեղսակցութիւն է», կ՛ըսէ Պայտըն իր յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Նոպելեան մրցանակի տիրացած աւելի քան 80 ամերիկացի գիտնականներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Պայտընին՝ նշելով. «Մեր ղեկավարները պէտք է հասկնան գիտութեան արժէքը պետական քաղաքականութեան ձեւակերպման մէջ»: