ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ըստ Միացեալ Նահանգներու տագնապներու դէտ կազմակերպութեան մէկ ուսումնասիրութեան՝ սեւամորթներու իրաւանց պաշտպանութեան եւ ցեղամոլութեան դէմ 24 Մայիսէն 22 Օգոստոսի միջեւ տեղի ունեցած ցոյցերուն 93 տոկոսը խաղաղօրէն աւարտած են։
Անոր համաձայն, նշեալ ժամանակահատուածին մէջ տեղի ունեցած 10,600 ցոյցերուն 7750ը սեւամորթներու իրաւանց պաշտպանութեան համար եղած է եւ անոնց միայ 5 տոկոսին ընթացքին խռովութիւններ տեղի ունեցած են, գլխաւորաբար ոչ-տեղացի հրահրողներու նախաձեռնութեամբ։