ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Գիտական հետազօտութիւններու ֆրանսական ազգային կեդրոնի՝ CNRS-ի, խումբ մը գիտնականներ, որոնք կ՛աշխատին փրոֆ. Ֆիլիփ Գարոյեանի առաջնորդութեամբ՝ յայտարարեցին, թէ հնարած են պսակաձեւ ժահրէն պաշտպանուելու նիւթ մը, որ կը խափանէ վարակին թոքերուն մէջ թափանցումը։
Կ՛ըսուի, թէ կատարուած փորձերը քաջալերական են, սակայն անոնք ցարդ կատարուած են միայն թոքերու բջիջներու եւ ոչ թէ մարդոց վրայ։