ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն»․- Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի մուտքին կատարուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանի բացումը: Յուշարձանին քանդակագործը Մկրտիչ Տարաքճեանն է, կը տեղեկացնէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Հայ ժողովրդական երգի հայրը` Կոմիտասը, ֆիզիքապէս վերապրեցաւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն, բայց հոգեկան շատ մեծ ցնցում ապրեցաւ։ Մինչեւ 1919 ան մնաց թրքական ռազմական հիւանդանոցը, ապա տեղափոխուեցաւ Փարիզի հոգեբուժարաններ, ուր տառապանքներու մէջ անցուց իր կեանքի վերջին տարիները: Ան կը նկատուի Ցեղասպանութեան հիմնական խորհրդանիշներէն մէկը:
Կիսանդրիի բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Կը կատարենք բացումը յուշարձանի մը, որ մեր միասնութիւնը կը խորհրդանշէ` արեւմտահայ ծագումով, Էջմիածինի մէջ ծառայած, Արեւմտահայաստան աշխատած, Եւրոպա ուսանած մեր սիրելի Կոմիտասի կերպարը, որ ինքնին հոյակապ ներկայացուցիչն է միասնական հայութեան, որ ոչ միայն լսեց ու բերաւ հայկական երգերը, այլ վերծանեց, մշակեց ու հայացուց, նաեւ զատեց օտար խազերէ ու ելեւէջներէ»։