ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երկուշաբթի օր այցելեց Դամասկոս։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի սկիզբէն ի վեր, ան առաջին անգամ ըլլալով այցելեց այդ երկիրը՝ հիւրընկալուելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ։ Եօթը տարուան ընդհատումէ մը ետք, Լաւրով Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իր պաշտօնակից Ուալելիտ Մուալլիմի հետ, որմէ ետք ան յայտարարեց. «Այցելութիւնս հիմնուած է տարածաշրջանին մէջ նոր զարգացումներու լոյսին տակ, յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար գործակցութեան հեռանկարին վրայ։ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան տապալման գործողութիւնները կը շարունակուին Ռուսիոյ աջակցութեամբ»։
Քաղաքական մեկնաբաններ ռուս նախարարին այցելութիւնը ուշագրաւ կը համարեն, որովհետեւ Լաւրովի շփումները կը համընկնին այն ժամանակաշրջանին, երբ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման ուղղութեամբ աշխատանքներ կ՛ընթանան։
Դամասկոսի ղեկավարութիւնը Լաւրովի այցելութեան վերաբերեալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Սուրիոյ վարչակազմը վճռակամ է ռուս գործընկերներուն հետ աշխատանքները շարունակելու, քաջալերելու համար ռուսական ներդրումները։