ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի դիւանագէտներուն համար արտերկրի մէջ բնակարան վարձելու համար փոխհատուցման գումարը աւելցած է։ Այս հարցը ընդգրկուած էր 10 Սեպտեմբերի կառավարութեան նիստի օրակարգին վրայ՝ չզեկուցուող ընթացակարգով:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշման հիմնաւորման մէջ յայտնած էր, որ վերջին անգամ վարձուած բնակարաններու գիներու փոփոխութիւն կատարուած է ինը տարի առաջ, մինչ այդ երկիրներուն մէջ արձանագրուած է անշարժ գոյքի վարձակալութեան գիներու աճ, ուրեմն, անհրաժեշտ նկատուած է փոխել բնակելի տարածութեան վարձակալութեան համար տրամադրուող գումարը:
Այս բոլորէն անկախ, ըստ նախարարութեան, հայկական դրամն ալ արժեզրկուած է:
Իբրեւ օրինակ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու պարագան՝ Լոս Անճելըսի, Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ անշարժ գոյքի վարձակալութեան գնաճը, արդարեւ, եթէ Ուաշինկթընի մէջ ծառայութիւն կատարող առաջին քարտուղարին տրամադրուող 966,000 դրամը 2010ին հաւասար էր 2500 տոլարի, այժմ՝ 2000 տոլարէն քիչ մը աւելի:
Սեպտեմբեր 2019ին, Սեպտեմբեր 2010ի հետ բաղդատած՝ Նիւ Եորքի մէջ վարձքերու աճը եղած է 42 տոկոս, Լոս Անճելըսի մէջ՝ 28 տոկոս, Ուաշինկթընի մէջ՝ 26 տոկոս:
Բացի յադ, բացուած են դիւանագիտական նոր ներկայացուցչութիւններ, դեսպանատուներու աշխատակիցներու թիւը աւելցած է, եւ անոնք պիտի ներառուին բնակարանի համար փոխհատուցում ստացող դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ցանկին վրայ: Վարձավճարի յաւելման այս դասաւորումը չի կրնար գերազանցել 5 տոկոսը, եւ այս որոշումը պիտի համաձայնեցուի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ։