Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս Ազգային վարժարանի 2008 թուականի շրջանաւարտներ (լուսանկարին մէջ՝ ձախէն աջ. Քրիսթինա Այանեան, Մարի Պազարպաշեան, Նինա Ոսպիկեան, Մեղրի Տէրվարդանեան եւ Նիքոլ Քէիքեան) հիմնած են ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն մը, որ կը կոչուի «Eye Support» (@eye_support) եւ որուն նպատակն է ստեղծագործութեան միջոցով նպաստ բերել Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) համաշխարհային մարդասիրական առաքելութեան:
Երեք շաբաթ առաջ, Instagram-ի միջոցով, կազմակերպութիւնը պատրաստեց եւ ծախեց առաւել քան 400 ուլունքով ապարանջաններ: Մինչ օրս անիկա նուիրեց վեց հազար տոլար՝ ի նպաստ Լիբանանի: «Eye Support»ը նպատակ ունի նաեւ մշակել ստեղծագործական նոր ծրագիրներ, որոնք կը ծառայեն համաշխարային այլ նպատակներու, ինչպէս օրինակ՝ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերել Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն եւ Սուրիոյ համայնքին, որոնք կը տառապին այս օրերուն, »Քորոնա« ժահրի համաճարակէն: