Nayiri.com բառարաններու կայքը կը տեղեկացնէ, որ Nayiriboard (կամ «Նայիրի-Ստեղն») հայերէն ուղղագրիչ-ստեղնաշարը արդէն տրամադրելի է App Store-ին մէջ եւ ձեր iPhone եւ iPad-ներուն համար կրնաք արդէն զայն անվճար ներբեռնել։
Nayiriboard-ի միջոցաւ կրնաք որեւէ ծրագիրի (App-ի) մէջ հայերէն գրել եւ զուգահեռաբար ստուգել ձեր ուղղագրութիւնը։
Ներկայիս, 1.0 տարբերակը աւանդական ուղղագրութեամբ կը գործէ՝ հաւասարապէս ընդգրկելով արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ձեւաբանական կանոնները։ Անիկա ունի առաւել քան 150,000 բառոյթներ (lexeme) եւ հինգ միլիոն բառաձեւեր կը ներառէ՝ հայերէն բառապաշարի գրեթէ ամբողջ ծաւալը։
Այս տարբերակը յատկապէ՛ս միտուած է դէպի արեւմտահայերէնը՝ ունենալով արեւմտահայերէնի համապատասխան ստեղնաշար։ Յառաջիկային պիտի աւելնայ նաեւ «արդի» ուղղագրութեան ընտրանքը, ինչպէս նաեւ զանազան ստեղնաշարեր ընտրելու հնարաւորութիւնը։
NayiriBoard-ը անվճար է. անիկա կը գործէ iOS հեռախօսային համակարգին մէջ, եւ կրնաք զայն անվճար ձեռք բերել՝ այցելելով https://apps.apple.com/us/app/nayiriboard/id1515398679 կայքէջը։
Ծրագիրը հովանաւորած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը։
Շատ մեծ ուրախութեամբ կարդացի եւ ներբեռեցի i phone հեռաձայնիս վրայ։
Արդեօք ապագային պիտի կարենա՞նք մեր MacBook Proյին վրայ ներբեռե՞լ։