ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Europe-Orient հանդէսը յատուկ թիւ մը (hors série) լոյս ընծայեց, նուիրուած՝ Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ, 6-7 Սեպտեմբեր 1955ին տեղի ունեցած քաղաքային ջարդերուն։ Այս բացառիկը պատրաստուած է Վարուժան Սիրափեանի կողմէ, որ «Չօպանեան» հիմնարկի հիմնադիրն է, ինչպէս նաեւ Sigest հրատարակչատան եւ Europe-Orient-ի հիմնադիրը ու խմբագրապետը։
Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ 1955ի ջարդերը կու գան լրացնելու Օսմանեան կայսրութեան սկսած եւ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուած՝ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները Թուրքիայէն հեռացնելու, ոչնչացնելու գործընթացը։ 1955ի ջարդերը սահմռկեցուցիչ են, մանաւանդ Անգլիոյ սարսափելի դերակատարութեան պատճառով։ Արդարեւ, Անգլիա 1955ի դէպքերէն առաջ թուրքերը լարեց յոյներուն դէմ, որպէսզի Կիպրոսի մէջ պահպանէ իր իշխանութիւնը։
Ըստ թրքական աղբիւրներու՝ շուրջ 4200 խանութներ կամ ձեռնարկութիւններ աւերուեցան, շուրջ 1000 տան վրայ յարձակումներ գործուեցան։ Անոնց մեծամասնութիւնը՝ 60 տոկոսը, կը պատկանէր յոյներու, 17 տոկոսը՝ հայերու եւ 12 տոկոսը՝ հրեաներու։
Թուրքիա յաճախ քրիստոնեայ մեծ պետութիւններու աջակցութիւնը վայելած է իր յարձակումները յաջողցնելու համար, ինչպէս 1920ին եւ 1939ին՝ Կիլիկիոյ վրայ յարձակման պարագային՝ Ֆրանսացիներունը, 1955ին եւ 1974ին (Կիպրոսի վրայ) պարագաներուն՝ անգլիացիներունը, եւ ներկայիս՝ Սուրիոյ եւ Միջերկրականի վրայ յարձակումներուն, Այա Սոֆիային մզկիթի վերածմման պարագաներուն՝ Թրամփի Ամերիկայինը։
Ուսումնասիրութիւնը կազմուած է երեք բաժիններէ. առաջինը՝ Վարուժան Սիրափեանի յառաջաբանը, երկրորդը՝ պատմաբան Ֆահրի Չոքերի անձնական արխիւէն՝ ջարդերու նկարներ եւ երրորդը՝ պատմաբան Շարալամպոս Փեթինոսի վերջաբանը։