ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- Գերագոյն ատեանը ազատական սիրուած դատաւոր Ռութ Պէյտըր Կինզպըրկ, որ ծանօթ էր իբրեւ քաղաքացիական, փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս կիներու իրաւանց ազդու պաշտպան, իր մահկանացուն կնքեց անցնող շաբաթավերջին, Գերագույն ատեանը դնելով յաջարիկայ տասնամեակներուն պահպանողականներու ամբողջական հակակշիռին տակ մնալու վտանգին տակ։
Արդարեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ 4 տարի առաջ հանրապետականները անյարմար նկատած էին ընտրութիւններու տարեշրջանին մէջ Գերագույն ատեանի նոր դատաւորի մը նշանակումը, զոր Պարաք Օպամա կատարած էր ընտրութիւններէն 10 ամիս առաջ եւ մերժած էին անոր նշանակած դատաւորին նշանակումը, այժմ, ընտրութիւններէն նուազ քան երկու ամիս առաջ, անոնք պատրաստ են վաւերացնելու պահպանողական նոր դատաւոր մը։
Ցարդ իրենց սկզբունքին տէր կը մնան միայն երկու հանրապետական ծերակուտականներ՝ Լիսա Մըրքուսքի եւ Սիւզըն Քոլինզ։