Երկուշաբթի օր, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի ղպտի համայնքի առաջնորդ հայր Քիմոնը:
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ հայր սուրբը ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թաուատրոս պապին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց վեհափառին եւ տեղեկութիւններ տուաւ ղպտի համայնքին մասին: Հայրապետը, իր կարգին, իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Թաուատրոս պապին եւ հայր սուրբին յաջողութիւն մաղթեց իր նոր առաքելութեան մէջ:
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ հայր սուրբը Թաուատրոս պապին կողմէ սրբապատկեր-յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառին, իսկ կաթողիկոսը՝ հայկական խաչ մը: