ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա կոչ ուղղեց՝ հիմք ընդունելու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը, ոչ թէ ատրպէյճանական լրատուական կայքերու մեկնաբանութիւնը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ատրպէյճանական լրատուական կայքերը տեղեկութիւն տարածած էին այն մասին՝ իբր թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսի ղեկավար Ս. Կաֆարովայի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ «Ռուսիա կողմ արտայայտուած է արցախեան 5 շրջաններու՝ Ադրբեջանին վերադարձին», եւ որ «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքորոշումը՝ Ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ, կը խոչընդոտէ խաղաղ գործընթացին կարգաւորումը»։
Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ շաբաթական իրադարձութեան՝ յայտնելով, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցերը։ Նախարար Լաւրովի կողմէ չէ կատարուած նախապէս չբարձրաձայնուած որեւէ նոր յայտարարութիւն։
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը բոլորը շատ լաւ գիտեն, եւ կը խնդրեմ առաջնորդուիլ ինքնին այդ դիրքորոշումով, եւ ոչ թէ տարբեր մեկնաբանութիւններով, զորս կը կատարէ ոչ-ռուսական կողմը», ըսաւ Զախարովա:
Վերահաստատելով, որ պէտք է միայն Ռուսիոյ պաշտօնական յայտարարութեան հետեւիլ՝ Զախարովա նշեց, որ պաշտօնական լրատուութեան մէջ 5 շրջաններու վերադարձին մասին որեւէ միտք չկայ։