ԱՆԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԱՃԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Սի.Էն.Էն.».- Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ ժամանակաւոր նահանջէ ետք, ներկայիս Միացեալ Նահանգերու առնուազն 21 նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ։ Օրական միջին հաշիւով 43,000 նոր վարակում կ՛արձանագրուի երկրին տարածքին։
Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 23 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին հաղորդեցին, որ նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուած են 1265 վարակումներ եւ 31 մահեր: Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 263,333 վարակումներ եւ 6423 մահեր, իսկ հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներու թիւը 779 է:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 796,830 վարակումներ եւ 15,314 մահեր:
Թեքսասի եւ Ֆլորիտայի մէջ յաջորդաբար 755,943 եւ 693,040 վարակումներ ու 15,491 եւ 13,795 մահեր արձանագրուած են:
Աւելի քան 7 միլիոն վարակակիրներով եւ 206,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Հնդկաստան, Պրազիլ եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 5.8 միլիոն, 4.6 միլիոն եւ 1.13 միլիոն վարակուածներ: Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 139,065 մահեր, Հնդկաստանի մէջ՝ 91,816, իսկ Մեքսիքայի մէջ՝ 74,949:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու թիւը կը մօտենայ 32 միլիոնի, իսկ մահերու թիւը՝ 984,349 է: Ապաքինած են մօտաւորապէս 24 միլիոն վարակուածներ:
Նաեւ, մինչ Սպիտակ տունը եւ Քոնկրեսը ձեռնածալ կը մնան համաճարակէն տուժած քաղաքացիներուն յաւելեալ նպաստ տրամադրելու ակնկալութիւննեռուն դիմաց, 24 Սեպտեմբերին հաղորդուեցաւ, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու նոր դիմումներ կատարած են մօտաւորապէս 1.5 ամերիկացներ եւս, մինչ նահանգային ապահովագրութիւններէն եւ համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած եւ անգործներու օգնելու համար հաստատուած այլ ծրագիրներէ նպաստ ստացողներուն ընդհանուր թիւը իջած է 26 միլիոնի։