ՌԻԱՏ.- ««Հըզպալլա»ն իր քաղաքական կամքը զէնքի ուժով կը պարտադրէ Լիբանանին։ Մենք մարդասիրական աղէտի ենթարկուած Լիբանանի ժողովուրդին կողքին կը կանգնինք», ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 75րդ նստաշրջանին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը՝ աւելցնելով. «Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատահեցաւ Լիբանանի մէջ որոշումնեռուն վրայ «Հըզպալլա»ի զէնքի ուժով տիրութեան պատճառով։ Ապահովութեան, կայունութեան եւ բարօրութեան հաստատման համար՝ պէտք է զայն զինաթափել»:
Նշենք, որ Երեքշաբթի օր ուժգին պայթում մը ցնցեց հարաւային Լիբանանի Այն Քանա գիւղաքաղաքը:
Ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»ին յայտնած է, թէ պայթումը պատահած է «Հըզպալլա»ի պատկանող զէնքի պահեստանոցի մը մէջ՝ արկածի մը պատճառով:
Ըստ Ազգային լրատու գործակալութեան՝ պայթումը արձանագրուած է իսրայէլեան օդուժին գործած թռիչքներուն ընթացքին: