27 Սեպտեմբեր 2020ին Արցախի Հանրապետութիւնը յանկարծակի յարձակումներու ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան օդային եւ ցամաքային ուժերուն կողմէ: Ակնյայտ է, որ յարձակումները նախօրօք ծրագրուած եւ պատրաստուած էին:
Ամսուն 27ի յարձակումները լայնածաւալ էին եւ կ՛ընդգրկէին օդային ռմբակոծումներ եւ հրթիռային հրետակոծութիւններ: Ատրպէյճանական յարձակումներուն թիրախ դարձան նաեւ խաղաղ բնակիչներով բնակուած շրջաններ եւ ոչ ռազմական կեդրոններ, ինչպէս՝ դպրոցներ եւ բնակարաններ: Այս արարքները կը խախտեն Ժընեւի համաժողովին ընթացքին ստորագրուած համաձայնագիրի կէտերը, որոնք վաւերացուած են 196 անկախ պետութիւններու կողմէ, որոնց շարքին է Ատրպէյճանը:
Տեղեկատուական հսկողութեան ու գրաքննութեան նպատակներով, Ատրպէյճանի պետութիւնը սահմանափակած է համացանցի կարգ մը ծառայութիւններ, մանաւանդ ընկերային ցանցերու որոշ հարթակներ: Հետեւաբար, ատրպէյճանական իշխանութիւնները ազատօրէն կը ձեռնարկեն ապատեղեկատուական աշխատանքներ:
Միջազգային ու հայկական կարգ մը աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Ատրպէյճան, Թուրքիոյ միջնորդութեամբ, սուրիացի ահաբեկիչներ տեղադրած է արցախեան-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ:
Մենք՝ իբրեւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններու հայկական ակումբներ, խստիւ կը դատապարտենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն նախաձեռնած յարձակումները եւ Թուրքիոյ միջամտութիւնները: Նաեւ կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին՝ դատապարտելու բռնատէր Ատրպէյճանը, որ մնայուն խլրտումներ կը ստեղծէ շրջանին մէջ:
Մենք կը հրաւիրենք բոլոր մեր հայրենակիցները, որպէսզի անոնք դառնան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մէկական փարոսներ: Կը հպարտանանք, երբ կը տեսնենք, թէ ազգը, իր բոլոր շերտերով, մօտէն կը հետեւի պատմական Արցախի սահմանին կատարուած իրադարձութիւններուն: Մենք՝ իբրեւ ուսանողութիւն, առաւելագոյն չափով եւ մեր ամբողջ կարողականութեամբ պիտի կանգնինք Արցախի կողքին եւ աշխարհի ուշադրութեան պիտի յանձնենք Արցախի ազատութիւնն ու անկախութիւնը խախտող ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները: