ՖՐԵԶՆՕ․- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով արտադրուած Սթեֆընի Այանեանի «What Will Become of Us» վաւերագրական ֆիլմը, որ անցեալ ամիս սփռուեցաւ Քալիֆորնիոյ հանրային պատկերասփիւռի կայաններէն, քննարկումի նիւթը պիտի դառնայ Ֆռեզնոյի նահանգային համալսարանի Հայագիտական ծրագրին նախաձեռնած առցանց քննարկումին, որ տեղի պիտի ունենայ 9 Հոկտեմբերին, կ.ե. ժամը 5։30էն սկսեալ։
Ֆիլմը կը հետախուզէ վեց ամերիկահայերու վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութիւնը։
Քննարկումին հետեւելու համար արձանագրուիլ bit.ly/whatwillbecomeofus կայքէջին վրայ։ Անոր կարելի է հետեւիլ նաեւ bit.ly/armenianstudiesyoutube կայքէջին վրայ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել barlowd@csufresno.edu հասցէին։