ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիա միշտ կատարած, կը կատարէ եւ պիտի կատարէ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագիրի (ՀԱՊԿ) ծիրին մէջ Հայաստանի նկատմամբ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, 7 Հոկտեմբերին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, իր ծննդեան օրուան առիթով ռուսական պետական կայանին՝ «Ռոսիա1»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Ինչպէս յայտնի, է Հայաստան ՀԱՊԿի անդամ է, եւ Հայաստանի առջեւ ունինք որոշ պարտաւորութիւններ՝ այդ պայմանագիրի ծիրին մէջ: Սակայն ռազմական գործողութիւնները, որոնք դժբախտաբար, կը շարունակուին, տեղի չեն ունենար Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ կողմէ այդ պայմանագիրի ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները կատարելուն, մենք միշտ կատարած, կը կատարենք եւ պիտի կատարենք մեր պարտաւորութիւնները: Ինչպէս գիտէք, Հայաստանի վարչապետին հետ մնայուն եւ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ ենք, Հայաստանի ղեկավարութեան մէջ որեւէ հարց չկայ Ռուսիոյ կողմէ իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները կատարելու որակին վերաբերեալ», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահը:
Փութին նշեց, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ողբերգական բնոյթ ունին եւ ինք մտահոգուած է հետագայ զարգացումներով: