ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հադրութ քաղաքը գրաւելու մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը բացարձակ սուտ է: Այս մասին «Արմէնփրես»ին ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները ոչ-գիտական երեւակայութեան տեսակէն են:
«Իլհամ Ալիեւի հերթական ցննդաբանութիւնը, թէ իբր Հադրութը գրաւել են, իրականութիւնից հեռու է այնքան, որքան ադրբեջանական ահաբեկուած զօրքը Հադրութից: Այսինքն տասնեակ կիլոմետրեր», նշեց Պօղոսեան:
9 Հոկտեմբերին ռուսական Wargonzo նախագիծի լրագրողները թելեկրամի ալիքին մէջ լուսանկար մը հրապարակեցին Հադրութէն՝ «Մէկը Հադրութը գրաւա՞ծ է» մեկնաբանութեամբ:
«Ալիեւ յայտարարեց, որ գրաւած է Հադրութը: Wargonzo նախագիծի խումբը նոր վերադարձաւ այնտեղէն: Քաղաքը պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տակ է», նշեցին ռուս լրագրողները։
Հադրութի մէջ իր գտնուելուն մասին յայտնեց նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան: «Ես հէնց հիմա Հադրութում եմ եւ «չգիտես ինչու» միայն հայերի եմ տեսնում», յայտնեց ան։