ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու` Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Հայաստանի վարչապետը մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմին եւ անոր մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան վերաբերեալ:
Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան ի՛նքն է, որ սկսած է յարձակումի՝ անտեսելով այն սկզբունքը, որ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումը անընդունելի է Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման մէջ։ Ըստ վարչապետին՝ Ատրպէյճան պատերազմի չէր սկսեր, եթէ անոր մէջ ամբողջութեամբ ներգրաւուածութեան պատրաստակամութիւն չցուցաբերեր եւ, ի վերջոյ, ամբողջութեամբ չներգրաւուեր Թուրքիան:
«Ես ցանկանում եմ մեր բոլորի ուշադրութիւնը հրաւիրել այյ փաստի վրայ, որ ռազմական գործողութիւնները մեկնարկել են որպէս թուրք-ադրբեջանական համատեղ զօրավարժութիւնների շարունակութիւն: Թուրքիայի ներգրաւուածութիւնը եւ պատերազմի քաջալերանքը, կարծում եմ, նաեւ հրապարակային է: Ընդ որում, դա ոչ միայն այն ապացոյցներով է հիմնաւորւում, որոնք մենք մեր գործընկերներին փոխանցել ենք, այլեւ հէնց հրապարակային յայտարարութիւններով: Եւ մինչ օրս էլ Թուրքիան շարունակում է ներգրաւուած մնալ ռազմական գործողութիւններին», յայտնեց վարչապետը։ Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Սուրիայէն վարձկաներու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու ներկայացուցիչներու Ատրպէյճան բերուելուն՝ Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ՝ շեշտելով, որ այս բոլորին ետին կայ թրքական ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնն ու նպատակը։
Վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ ռազմական գործողութիւնները եւ անոնց բնոյթը անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ հայ ժողովուրդը, հայերը, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը գտնուին գոյութենական վտանգի ներքոյ: «Եւ եթէ Ղարաբաղի բնակավայրերը ռմբակոծելու քաղաքականութիւնը համադրում ենք այն ատելութեան քաղաքականութեան հետ, որը վերջին 15 տարում զարգացել է Ադրբեջանում, ակնյայտ է, որ Ադրբեջանի պաշտօնական քաղաքական նպատակն է` ոչնչացնել հայերին առնուազն Լեռնային Ղարաբաղում: Եւ, կարծում եմ, սրա ամենակարեւոր սիմուոլը Ռամիլ Սաֆարովի գործն է, որի մանրամասները, յոյս ունեմ, դուք գիտէք»:
Վարչապետը լուսարձակի տակ առաւ այն իրականութիւնը, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ շատ մօտ ենք մարդասիրական ճգնաժամի վիճակին, «եթէ չասենք արդէն իսկ հումանիտար ճգնաժամի առաջ ենք»:
Ըստ անոր՝ ճգնաժամը կանխարգելելու արդիւնաւէտ միջոցներ կրնան ըլլալ միջազգային հանրութեան կողմէ վերը շարադրուած փաստերու պաշտօնական արձանագրումը եւ կամ, ի վերջոյ, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, ընդհուպ` անկախութեան ճանաչումը:
Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ ատրպէյճանական այն պնդումներուն՝ իբր թէ հայկական կողմը թիրախաւորած է Ատրպէյճանի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները եւ այդպէս շարունակ: «Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը որեւէ ուղղութեամբ գործողութիւն ձեռնարկելու որոշում կայացրել է այն բանից յետոյ, երբ ակնյայտ է դարձել, որ ոչ մի կերպ որեւէ այլ միջոցով հնարաւոր չէ կանգնեցնել Ստեփանակերտի եւ միւս բնակավայրերի հրթիռակոծումները», հաստատեց ան:
Հայաստանի վարչապետը խօսեցաւ նաեւ զինադադարի հաստատման դրութեան գծով ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին, որ շուտով խախտուած է Ատրպէյճանի կողմէ։
«Այս պահին իրավիճակը լարուած է յատկապէս հարաւային հատուածում, եւ ըստ էութեան, հրադադար մենք չունենք: Հայաստանը յստակ արձանագրել է հրադադարի ռեժիմը պահպանելու յայտարարութիւնը, արդէն յայտարարութեան համաձայն մենք մեր մտադրութիւնների տակ ստորագրել ենք եւ հաւատարիմ ենք այդ մտադրութիւններին: Այսինքն` հրադադար եւ հումանիտար գործողութիւններ, բանակցային գործընթացի մեկնարկ` ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան անփոփոխ ձեւաչափով», շեշտեց ան:
Հանդիպման ընթացքին օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուած է տեսանիւթ` Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակավայրերու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու նկատմամբ Ատրպէյճանի կատարած ռազմական գործողութիւններուն մասին: «Իմ գնահատականը միանշանակ է` այս պատերազմում հայ ժողովուրդը փորձում է դիմադրել իր նկատմամբ սանձազերծուած ցեղասպանութեանը», նկատել տուաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ, Ֆրանսայի նախագահներուն՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու, որոնք անկեղծ ջանքեր ի գործ կը դնեն բռնութիւնները կանգնեցնելու համար, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին եւ նախագահ Թրամփին: «Մեր ակնկալիքն է, որ համանախագահող երկրներն իրենց ջանքերը կը շարունակեն գործադրել, եւ մենք պատրաստ ենք այս գործընթացում լինել կառուցողական: Բայց կարծում ենք, որ բանակցային գործընթացի վերականգնումը պէտք է տեղի ունենա այն տրամաբանութեամբ, ինչպէս ընդունուած է Մոսկուայի յայտարարութեան մէջ», եզրափակեց Փաշինեան։