ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ցարդ առաւել քան 100 քոնկրեսականներ միացած են Արցախի եւ Հայաստանի վրայ յարձակումները դատապարտողներու շարքին։
Քոնկրեսականներ կը պահանջեն կասեցնել բռնարարքները եւ Անգարայի ու Պաքուի դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը կենսական կը նկատեն, նման բռնարարքներու կրկնութեան առաջքը առնելու համար։
«Վարչակազմը պէտք է լսէ իր իսկ գաղտի սպասարկութիւններուն այն տեղեկութիւններուն, որ Ատրպէյճանը սկսած է յարձակումները եւ հետեւելով քոնկրեսականներու դիմումներուն՝ պատժամիջոցներ հաստատէ Էրտողանի եւ Ալիեւի վարչախումբերուն դէմ», շեշտեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Քոնկրեսական յայտարարութիւններուն ամբողջական ցանկը տեսնելու համար այցելել https://anca.org/press-release/over-100-us-senate-and-representatives-speak-out-on-attacks-against-artsakh-and-armenia/ կայքը։