ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունեց Ռուսիոյ Տումայի պատգամաւոր, «Միասնական Ռուսիա» խմբակցութեան անդամ Վիտալի Միլոնովը:
Նախագահը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ քննարկուեցան ատրպէյճանաթրքական ահաբեկչական յարձակման իբրեւ արդիւնք տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Երկուստեք ընդգծեցին տարածաշրջանին կայունութիւնը վտանգող գործողութիւններու եւ արտաքին ու ահաբեկչական ուժերու ընդգրկման անթոյլատրելիութիւնը:
Առանձնազրոյցին ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ռուս պատգամաւորին՝ այցելութեան եւ ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Ռուսիոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` հակամարտութեան կարգաւորման եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման առումով։
Վիտալի Միլոնով հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի հետ, որուն հետ քննարկեց 27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ եւ վարձկաններու մասնակցութեամբ սանձազերծուած պատերազմին պատճառաւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Թովմասեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միլոնովին՝ նման դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ Արցախ այցելելուն համար, նաեւ ընդգծեց Ռուսիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը` դէպի խաղաղութիւն տանող բանակցութիւններուն ընթացքին եւ տագնապի լուծման գործընթացին մէջ։