ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկրին Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն հետ այսօր դարձեալ քննարկեց Արցախի հակամարտութեան իրավիճակը։
Սակայն, Քրեմլինի պաշտօնական էջին վրայ տեղադրուած այս հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնութիւններ չեն ներկայացուած Արցախի հարցին շուրջ տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին։