ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին մանրամասնօրէն քննարկեցին Արցախի հակամարտութեան գօտիին շուրջ զարգացող իրավիճակը, կը տեղեկացնէ Քրեմլինը՝ նշելով, որ երկու ղեկավարները շեշտեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինադադարի մասին ձեռք բերուած համաձայնութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
«Փութին տեղեկացուց ռազմական գործողութիւնները զսպելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի քաղաքական ու դիւանագիտական կարգաւորման նպատակով բանակցութիւններու շուտափոյթ վերսկսման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին», կը յայտնէ Քրեմլինը: