ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համաճարակին հետեւանքով, Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին ի նպաստ աւանդական դրամահաւաք-քայլարշաւը այս տարի տեղի պիտի ունենայ առցանց:
Նաեւ, հիմնարկը որոշած է «Արցախի յաղթանակ» անունով մկրտել այս տարուան ձեռնակը եւ հաւաքուած ամբողջ գումարը յատկացել Արցախի համար կատարուող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքին։
Արձանագրուելու համար այցելել https://www.charityfootprints.com/abmdr/ կայքէջը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.abmdr.am կայքը կամ դիմել (323) 663-3609 թիւին: