
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Էտ Մարքի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Կրէյս Նափոլիթանօ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան կոչ ըրին՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Մարքի արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին կոչ ըրաւ անյապաղ զինադադար պարտադրելու Արցախի մէջ եւ ձգտելու տագնապին բանակցային լուծման: Ան կը յիշեցնէ, որ 23 Հոկտեմբեր ին, Փոմփէօ պիտի հանդիպի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Մարքի նկատել կու տայ նաեւ, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի երկու համանխագահող երկիրներու` նախ Ռուսիոյ, ապա Ֆրանսայի մարդասիրական զինադադարի առաջարկները առաջին իսկ վայրկեանէն խախտուեցան: Մարտերը խլեցին հարիւրաւոր քաղաքացիներու կեանքեր: Ան շեշտեց նաեւ, որ Թուրքիա հայ ժողովուրդին դէմ կռուելու համար բերած է նաեւ սուրիացի վարձկաններ:
«Ատրպէյճանի պատերազմական գործողութիւնները, որոնց ամբողջութեամբ կ՛աջակցի Թուրքիան, պէտք է դադրին: Փոմփէօ պէտք է հասկցնէ, որ Ամերիկա կ՛աջակցի այս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ պատրաստ է նպաստելու բանակցութիւններուն: Յաջող զինադադարի եւ խաղաղութեան հասնելու համար, այլ կողմեր, ինչպէս՝ Թուրքիա, պէտք է դադրեցնեն իրենց պատերազմական գործողութիւնները եւ ռազմական միջամտութիւնը: Միացեալ Նահանգները պէտք է անմիջապէս հասնի շփման գիծին վրայ հրադադարի եւ շտապ վերադարձնէ բանակցութիւններու` Մինսկի խումբի համանախագներու միջնորդութեամբ: Որովհետեւ Ատրպէյճան կը շարունակէ հակամարտութիւնը ապօրինի ռազմական ուժի միջոցով լուծելու իր փորձերը, միջազգային հանրութեան այլ ընտրութիւն չի մնար, քան անցնիլ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման` կառուցողական բանակցութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ», յայտնեց ծերակուտականը։
Ան նաեւ նշեց, որ Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907րդ յօդուածը ամբողջութեամբ պիտի կիրառուի, եւ Ամերիկա պէտք է դադրեցնէ ապահովական ոլորտին մէջ աջակցիլ Ատրպէյճանին: Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Փոմփէօ եւ նախագահ Թրամփ, որոնք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ սերտ կապեր հասատատած են, պէտք է հասկցնեն իրենց բռնատէր ընկերոջ, որ այս հակամարտութեան մէջ յետագայ ներգրաւումը Թուրքիոյ համար պիտի արժէ ռազմական օգնութեան եւ ջերմ յարաբերութիւններու դադրեցում:
Իր կարգին, քոնկրեսական Նափոլիթանօ Միացեալ Նահանգներուն գործադիր իշխանութեանց կոչ ըրաւ պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը՝ շեշտելով, որ Արցախը չի կրնար միանալ Ատրպէյճանին, որովհետեւ անիկա հազարամեակներէ ի վեր եղած է Հայաստանի մէկ մասը:
Ան շեշտեց, թէ Արցախի պայքարը շատ նման է Բրիտանիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու մղած անկախութեան պայքարին, երբ ժողովուրդին ազատ ապրելու կեանքը դէմ յանդիման եկած էր օտար ուժի մը ճիրաններուն։
«Յառաջանալու ճանապարհը ազատութեան ճանապարհն է։ Այդ պատճառով, ես այսօր կոչ կ՛ընեմ Միացեալ Նահանգներուն, որ պաշտօնապէս ճանաչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը», նշեց Նափոլիթանօ: