ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Թալիշներու TolishMedia լրատուամիջոցը կը հաղորդէ, որ ատրպէյճանցի մայրերը տարածեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսեն հետեւեալը․ «Մեր որդիները այսօր կը զոհաբերեն իրենց կեանքը յանուն բռնատիրութեան եւ Ալիեւի զեղծարար վարչախումբին պահպանման։ Այս օրերուն, մեր որդիները մահուան աչքերուն մէջ կը նային, կը պայքարին ոչինչի համար, ոչ թէ մեր հողերը վերադարձնելու, այլ Ալիեւի իշխանութիւնը պահպանելու համար։ Այժմ մենք ոտքի ելած ենք եւ կը պահանջենք, որ անոնք պատասխան տան մեզի, թէ յանուն ինչի մեր որդիները կը զոհուին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.