ԹՐԱ՞ՄՓՆ ԱԼ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Մայք Փոմփէօ 23 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին վերահաստատեցին Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ զինարադադարի շուրջ ձեռք բերուած համաձայմութեանց անյապաղ կատարման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի յառաջ մղած խաղաղութեան գործընթացը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան վարչութեան՝ քննարկման առանցքը եղաւ Արցախի դէմ ատրպէյճանական լայնածաւալ բռնարարաքներուն հետևանքով ստեղծուած իրավիճակը: Նախարար Մնացականեան տեղեկացուց Ատրպէյճանի կողմէն մարտական գործողութիւններու ընթացքին իրականացուող պատերազմական յանցագործութիւններուն մասին, որոնց կարգին՝ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառոյցները դիտաւորեալ թիրախ դարձնելը, քաղաքացիական բնակչութեան եւ ռազմագերիներու նկատմամբ նուաստացուցիչ վերաբերմունք, գլխատումներ եւ սպանութիւններ:
Փոմփէօ ամերիկեան կողմին ցաւակցութիւնը յայտնեց զոհերու համար:
Մնացականեան ընդգծեց, որ Պաքուի բռնարարքները կ՛իրականացուին Թուրքիոյ ուղղակի աջակցութեամբ եւ անոր կողմէ փոխադրուած զինեալ ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ: «Ադրբեջանի՝ Թուրքիայի ազդեցութեան եւ միջազգային ահաբեկչութեան գօտի դառնալու որոշումը լուրջ սպառնալիք է տարածաշրջանային անվտանգութեան համար», շեշտեց Մնացականեան։
Մնացականեանը նշեց, որ Պաքուի կողմէ հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւններուն խախտումը եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ ռազմական գործողութիւններու շարունակութիւնը դարձեալ ցոյց կու տան հիմնախնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու Ատրպէյճանի նպատակը:
«Երկուստեք վերահաստատուեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտում կրակի անյապաղ դադարեցման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կատարման, ինչպէս նաեւ ԱՀԵԱԿ Մինսկի խմբի համանախագահ շրջանակներում խաղաղ գործընթացը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի»ն հաղորդեց, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ կը մասնակցի Արցախի հարցով բանակցութիւններուն, սակայն չյստակացուց, թէ ան խօսա՞ծ է երկիրներուն ղեկավարներուն հետ: