ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն, 31 ներկայացուցիչներու համահեղինակութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու բանաձեւ մը ներկայացուց Ներկայացուցիչներու տան:
Փալոն կը շեշտէ, թէ Ատրպէյճանի ներագոյն բռնարարքներուն լոյսին տակ, Արցախի տագնապին երկարատեւ եւ խաղաղ լուծումին հասնելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանչումն է։
Բանաձեւին մէջ նաեւ խստօրէն կը դատապարտուին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի եւ Հայաստաի վրայ յարձակումները եւ կը շեշտուի, որ Արցախ պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն։