ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 27 Հոկտեմբերին ընդունեց մարդասիրական առաքելութեամբ Արցախ այցելած Ղրիմի կամաւորականներու միութեան ղեկավար, տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչ Արմէն Մարտոյեանը:
Երկրին ղեկավարը յայտնեց, որ Արցախի համար այս օրհասական պահուն Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու միասնական եւ համախմբուած պայքարը հայրենիքի մէջ ապրողներուն մեծ ուժ եւ եռանդ կու տայ: Արայիկ Յարութիւնեան կարեւոր նկատեց նաեւ նման այցելութիւններ` ընդգծելով, որ Ղրիմի հայութիւնը եւս այդ երկրի ժողովուրդին հետ դժուար, բայց կենսական նշանակութիւն ունեցող ուղի անցած է։
Արմէն Մարտոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին՝ ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ ղրիմահայութիւնը պատերազմական այս ծանր օրերուն մէկ մարդու պէս կանգնած է Արցախի քոյր-եղբայրներուն կողքին:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ «Ղրիմի բարեկամներ» հայաստանեան ակումբի ղեկավար, «Սահմանադրական իրաւունք միութիւն» կուսակցութեան նախագահ Հայկ Բաբուխանեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւոր խորհրդական-յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունց: