ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան հանգամանալից կերպով քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակին զարգացումը: Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նախարարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնեցին չդադրող լայնածաւալ մարտական գործողութիւններուն վերաբերեալ եւ հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղեցին՝ շուտափոյթ եւ ամբողջական հրադադարի եւ լարուածութեան թուլացման:
Ընդգծուեցաւ նաեւ հակամարտութեան դիւանագիտական լուծման այլընտրանքի բացակայութիւնը եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետագայ համաձայնեցուած գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Դիտարկուեցան իրավիճակի հետագայ զարգացման հաւանական բեմադրութիւնները:
Նախարարները առանձնայատուկ կերպով կարեւոր նկատեցին ռազմական գործողութիւններու դադրեցման քաղաքական կամքի դրսեւորումը: