ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ եւ Դեմոկրատ կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածու Ճօ Պայտըն նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղեց յստակ քայլերու ձեռնարկելու՝ Արցախի տագնապի գօտիին մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու համար:
Պայտըն այս մասին տարածեց, յայտարարութիւն մը որուն մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «25 Հոկտեմբերին, արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի կողմէ յայտարարուած հրադադարի խախտումէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կեցած է մարդկային լայնատարած աղէտի մը դիմաց: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը արդէն մեծապէս տառապած է, եւ անոր ապահովութիւնը պաշտպանելու կարիք կայ: Մէկ ամիս տեւած զինուորական գործողութիւններէն ետք ժամանակն է, որ նախագահ Թրամփ ուղղակի դիմէ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու հասնելու եւ ատրպէյճանական զօրքերու յառաջխաղացումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կանգնեցնելու հարցով: Հակառակ անոր, որ քարոզարշաւային հաւաքներու ընթացքին ան կը հպարտանայ գործարքներ կնքելու իր կարողութիւններով, բայց Թրամփ տակաւին անձնական մասնակցութիւն չէ ունեցած պատերազմը կասեցնելու հարցով: Նախագահի աշխատակազմը պէտք է ամբողջութեամբ իրականացնէ եւ չհրաժարի Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907րդ բաժինի պահանջներէն՝ դադրեցնելով ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին»:
Պայտըն ընդգծեց, որ տագնապը կը սրի նաեւ կողմերուն զէնքի մատակարարումներու միջոցով, իսկ Թուրքիոյ պարագային՝ նաեւ վարձկաններու ներգրաւումով:
«Միացեալ Նահանգները պէտք է մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ գլխաւորէ դիւանագիտական ջանքերը ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու ուղղութեամբ եւ ձգտի հասնիլ միջազգային մարդասիրական օգնութեան, որպէսզի տառապանքներուն վերջ դրուի: Իմ ղեկավարութեամբ մենք այդպէս պիտի ընենք», կ՛ըսուի Պայտընի յայտարարութեան մէջ: