ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրուկուէյի նախկին նախագահները համերաշխութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդին՝ հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«Հարաւային Կովկասի մէջ ծաւալող սարսափելի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ մեր պատմական համերաշխութիւնը կը յայտնենք հայ ժողովուրդին եւ կ՛արտայայտենք մեր ցանկութիւնը, որ անյապաղ վերսկսին հրադադարի, խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ այս հակամարտութեան վերջնական լուծման հասնելուն ուղղուած բանակցութիւնները»:
Ուրուկուէյի նախագահներ`
Խուլիօ Մարիայ Սանկինեթթի (1985-1990 եւ 1995-2000)
Լուիս Ալպերթօյ Լաքաժէ Էռերա (1990-1995)
Թապարէ Վասքես (2005-2010, 2015-2020)
Խոսէ Մուխիկա (2010-1015)