ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Լրագիր».- 29 Հոկտեմբերին, մարտական գործողութիւնները քիչ մը նուազ աշխուժութեամբ, սակայն շարունակուեցան։ «Բերձորից մինչեւ Արաքսի ափ եղել են մարտական գործողութիւններ, մենք որոշակիօրէն բարելաւել ենք մեր դիրքերը», յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան՝ Միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Ըստ անոր՝ Մարտունի ու Ասկերան շրջանի գիւղերուն մէջ շարունակուեցան ներթափանցած-հետախուզական խումբերու չէզոքացման աշխատանքները: «Դրանք ընթացել են Աւետարանոց, Սղնախ գիւղերի ուղղութեամբ», ըսաւ Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով, որ ներթափանցողներուն դէմ պայքարը առանձին մարտավարութիւն կը պահանջէ: Յովհաննիսեան նաեւ տեղեկացուց, որ Արցախի տարբեր բնակավայրերու ուղղութեամբ շարունակուեցան հրթիռահրետանային հարուածները։ Կէս գիշերէն ետք եւ կանուխ առաւօտեան հակառակորդը վերսկսաւ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը, թշնամական ուժերուն կողմէ համազարկային կրակի «Սմերչ» համալիրներէ ռմբակոծուած են Ստեփանակերտը, Շուշին եւ յարակից խաղաղ բնակավայրերը:
Մեկնաբանելով Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի յայտարարութիւնը եւ մարտակոչը, որ հակառակորդը կը գտնուի Շուշիէն 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ Յովհաննիսեան պարզաբանեց, որ Սղնախ գիւղի եւ յարակից գիւղերուն մասին է խօսքը, որ թերեւս 5 քիլոմեթր չէ, այլ 7, բայց այդպիսի հեռաւորութեան վրայ է։ «Արցախի նախագահը, ըստ էութեան, մարտակոչ է հնչեցրել ու դա նորմալ է, որպէս կանոն՝ ամէն օր էլ կարող են մարտակոչ հնչեցնել», շեշտեց ան:
«Նման իրավիճակում երկրի ղեկավարները, ռազմական ուժերի ղեկավարները կարող են ամէն օր էլ մարտակոչեր հնչեցնել, որովհետեւ մարտական գործողութիւններն ընթանում են, պատերազմը շարունակւում է: Ինտենսիւութիւնն (սաստկութիւնը-Խմբ.) այլ է, մարտական գործողութիւնների բնոյթը փոխուել է, հակառակորդի հիմնական յարձակողական, խոշորածաւալ կարողութիւն ունեցող զօրախմբերի մէջքը կոտրուած է, բայց դիւերսիոն խմբերը, փոքր խմբերը մանաւանդ այսպիսի տեղանքում փորձելու են այսպիսի բաներ իրականացնել: Եւ գրեթէ ամէն օր որոշակի գործողութիւններ կան: Եւ եթէ մենք չենք բարձրաձայնում այլ ուղղութիւններում դիւերսիոն գործողութիւնների, դրանց փորձերի ու տապալման մասին, դա չի նշանակում, որ այդ ուղղութեամբ բան չի կատարւում: Ուղղակի այս ուղղութիւնը, որի մասին բարձրաձայնուել է, հասկանալի է, որ դէպի Շուշի գնացող գիւղերի գիծն է, դրանով է շատ կարեւոր: Բայց մեր մարտերը շարունակւում են ամէնուր, ամէն տեղ», ըսաւ ան:
Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումին, որ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան յայտարարութեան: Դեսպանատունը Հայաստանի մէջ գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց՝ չայցելել Արարատի, Վայոց ձորի ու Սիւնիքի մարզերը: Զգուշացուցած են նաեւ չերթեւեկել Տաւուշի մարզի Դիլիջան ազգային պարկէն հիւսիս գտնուող M4 եւ M16 մայրուղիներով՝ մինչեւ Վրաստանի հետ սահմանը: Ան ըսաւ, որ կարելի է ենթադրել, թէ ամերիկեան դեսպանատան այդ յայտարարութիւնը սեփական քաղաքացիներու անվտանգութենէն մեկնած կատարուած է։
Հարցումին, թէ այդ մարզերուն սահմանային հատուածներուն մէջ հակառակորդին կողմէ կուտակումներ կա՞ն՝ Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանեց. «Շարժեր, կուտակումներ ամբողջ սահմանի երկայնքով էլ կան, բայց իրավիճակը հանգիստ է այդ ուղղութեամբ, այդ ուղղղութիւններով ընդհանրապէս: Այլ բան չեմ կարող ասել»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան իռ կառգին հաստատեց, որ Արցախի բնակչութեան գոյութիւնը հնարաւոր չէ Ատրպէյճանի իրաւասութեան ներքոյ: «Ադրբեջանի նախագահի յայտարարութիւններն ու Ադրբեջանի զինուած ուժերի գործողութիւնները, որոնց մենք ականատես ենք լինում, ցոյց են տալիս, որ Ադրբեջանի նպատակն է հայաթափել Արցախը, բնաջնջել Արցախի բնիկ ժողովրդին եւ Ադրբեջանն Արցախը ցանկանում է առանց այդ բնիկ ժողովրդի: Արցախի բնակչութեան գոյութիւնը հնարաւոր չէ Ադրբեջանի իրաւասութեան ներքոյ: Արցախի դէմ լայնամասշտաբ ագրեսիայի առաջին օրուանից Ադրբեջանի գործողութիւններն ուղեկցուել են պատերազմական կանոնների եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներով, որոնք առաւել քան խօսուն են», նշեց Նաղտալեան:
29 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան հերքեց հրապարակումները այն մասին, որ իբր թէ հայկական կողմը քասեթային ռումբ արձակած է Պարտա քաղաքին ուղղութեամբ՝ թիրախ դարձնելով խաղաղ բնակչութիւնը:
«Նման զէնք մենք չենք կիրառել Բարդայի ուղղութեամբ: Պաշտպանութեան բանակն այլ զինատեսակներ է կիրառում՝ խոշոր քաղաքների ուղղութեամբ թիրախաւորելով միայն ռազմական օբյէկտները (թիրախները-Խմբ.), որոնց ցանկը բանակն հրապարակել է», ըսաւ ան։
Օրուան ընթացքին բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը ոչնչացուցին թշնամական հերթական «Պայրաքտար» տեակի հարուածային անօդաչու թռչող սարք մը:
Պարզապէս նշմարումներ են:
Կը նկատենք որ, նուազ աշխուժութիւնը լաւ նշան չէ եղած մինչեւ հիմա հակառակորդներուն կողմէն, մանաւանդ վարձկան ահաբեկիչ ՛՛նոր ենիչերի՛՛ խմբակցութիւններուն մօտ, որոնք վարպետ գետնուղիներ փորողներ են եւ այդ գետնուղիներուն մէջ աշխուժ աշխատողներ:՝ Ես պատերազմական հմտութիւն չունիմ, սակայն՝ Սուրիոյ կռիւները դիտելով որոշ գիտելիքներ իմացանք այդ կազմին մասին:
* * *
Կը ներէք համարձակութեանս: Մի քանի Ասպարէզի կայքի էջերուն զանազան յօդուածներուն մէջ նշմարելի ուղղագրական վրիպակներ կային, որոնք նկատելի չէին ասկէ առաջ Ասպարէզ լրագրին էջերուն մէջ:: Հաւանաբար մեքենագրութեան ժամանակ վրիպումնե՞ր են, որոնք կը պատահի, կ’ըուի:
Եթէ սխալ եմ, կարելի է զանց առնել
Նուարդ Պարսամեան Ադամեան