ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղութեան համար Առ Աստուած յատուկ աղօթք բարձրացնելու նպատակով, թեմին մէջ գործող Լոս Անճելըսի հոգեւորականները եւ սարկաւագները հրաւիրեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր երեկոյեան ժամը 7ին միասին կանգնեցան Աստուծոյ առջեւ եւ աղօթեցին՝ ի խնդիր Հայկական Բարձրաւանդակի եւ հայրենի ժողովուրդի խաղաղութեան:
Խաղաղական ժամերգութիւնը հանդիսաւորապէս կատարելէ ետք, հոգեւոր հայրեր եւ սարկաւագներ շարականներ երգեցին. Թորգոմ սրբազանը խորան բարձրացաւ եւ այս առիթով յատուկ պատգամ մը փոխանցեց՝ ըսելով. «Այսօր աղօթեցինք, երգեցողութեան ընդմէջէն, Խաղաղութեան Իշխանին` Յիսուս Քրիստոսի, որ ներգործէ մեր կեանքին մէջ այնպիսի նոր ուժով մը, որ մեզ զինէ որպէս ժողովուրդ, որպէս ազգ, որպէս հայրենիք՝ Հայաստան եւ Արցախ, որպէս բանակ, որպէս ամբողջութիւն, այնպիսի երկնային օրհնութիւններով եւ նիւթականին կողքին նաեւ աննիւթական զէնքերով, որոնց կարիքը ունինք մենք այսօր, մեր կեանքին մէջ»:
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնները, սրբազան հայրը նշեց, որ մենք մեր հաւատքին մէջ կը մնանք անսասան, որովհետեւ «Յիսուս անուն ժայռը ունինք մեզ ապաւէն թէ՛ իբրեւ ազգ, թէ՛ իբրեւ հայրենիք, թէ՛ իբրեւ բանակ, եւ մանաւանդ մենք լքուած եւ խորտակուած չենք որպէս ազգ ու հայրենիք, երբ այսօր զանազան կայծակներ կը հարուածեն Արցախ աշխարհը, զի մեր ազգը դարերու ընթացքին քալեց կրակէ ճամբաներէ, զանազան պետութիւններ, իշխանութիւններ չուզեցին տեսնել մեր ազգը, բայց հակառակ այս բոլորին, մենք գոյութիւն ունինք, հայրենիք ունինք, Հայոց եկեղեցի ունինք, Հայկական բանակ ունինք, եւ հայրենիքը իր կեանքէն ու եսէն աւելի բարձր դասած գիտակից երիտասարդութիւն ունինք, որ իր արեամբ կը պաշտպանէ մեզի համար երկրաւոր դրախտավայր Հայաստան աշխարհը, մահուան կը յաղթէ Յիսուսի օրինակով, որպէսզի ապրի՛ ազգը, ապրի՛ հայրենիքը»: Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց՝ ըսելով. «Պատիւ մեր նահատակներուն, որոնք իրենց արեամբ կ՛ոռոգեն սրբութիւն սրբոց մեր հայրենիքը՝ յանուն հայու տեսակի յաւերժութեան, անոնք կ՛անմահանան եւ կը դառնան աստղեր, երկինքէն հսկելու համար իրենց հայրենիքը եւ ժողովուրդը ու հաւատքի տոկունութիւն պարգեւելու համար ապրողներուս»:
«Տէր Ողորմեա»ի երգեցողութիւնը կատարեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որուն պատասխանեցին հոգեւորական եւ սարկաւագաց դասերը, ապա ըսուեցաւ «Գործոց Բարեաց Յաջողութիւն»ը, «Հայ Բանակին Հզօրութիւն»ը, որուն յաջորդեց յատուկ մաղթանք մը՝ նուիրուած հայրենիքին:
Հուսկ երգուեցաւ «Տէրունական Աղօթք»ը եւ «Մեր Հայրենիք»ը: