ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, 26 Հոկտեմբերէն 1 Նոյեմբեր, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խումբ մը անդամներ հացադուլ կատարեցին Լոս Անճելըսի Դաշնացային շէնքին առջեւ, ուշադրութիւն հրաւրելու համար Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ գործած պատերազմական ոճիրներուն վրայ։ Հացադուլի դիմած երիտասարդները Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն պահանջեցին ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ հաստատել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ։
Հացադուլին վերջին օրը՝ Կիրակի, 1 Նոյեմբերի առաւօտեան, Դաշնակցային շէնքին առջեւ հաւաքուած մօտաւորապէս 2000 ցուցարարներ քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Լոս Անճելըսի Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը, իրենց բողոքը յայտնելով Ատրպէյճանի ոճիրներուն եւ Թուրքիոյ ու իսլամ ծայրայեղական ահաբելիչներու մեղսակցութեան դէմ։
Shad abrik, deghak, gessek. Mishd sharounagelou ek poghoknere. Haghtanaki ore mod e, aveli ganoukh kan gue garzek.
Haghtelou yenk yev arten haghtaz enk.