ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը առաւել քան ժամ մը տեւողութեամբ Արցախի հարցին շուրջ հանդիպում մը ունեցաւ պապական նուիրակ Ժոզէֆ Սփիթէրիի հետ:
Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն պարզեց Արցախի հարցը՝ իր պատմական եւ քաղաքական երեսներով, յատկապէս ծանրանալով ստեղծուած ներկայ կացութեան եւ անոր վտանգալից հետեւանքներուն Կովկասի մէջ:
Կաթողիկոսը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Արցախը պատմական Հայաստանի նահանգներէն մէկը եղած է եւ երբե՛ք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի: Պատմութեան ընթացքին եղած են ժամանակներ, երբ Արցախի մէջ հայերը ինքնավարութիւն հաստատած են: Փաստօրէն, Սթալինի միջամտութեամբ Արցախը իբրեւ ինքնավար շրջան մաս կազմեց Ատրպէյճանի: Սովետական միութեան փլուզումէն ետք, ինչպէս այլ շրջաններու մէջ, նաեւ Արցախի ժողովուրդը իր ինքնորոշման արդար իրաւունքը վերահաստատեց եւ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն վերակազմակերպուեցաւ:
Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին հովանաւորութեամբ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի բանակցութիւններուն եւ անոնց ձախողութեան, Ատրպէյճանի անզիջող կեցուածքին պատճառով:
Խօսելով ներկայ պատերազմին մասին, հայրապետը յայտնեց, որ Թուրքիոյ քաղաքական եւ զինուորական միջամտութիւնը կացութիւնը աւելի վատթարացուցած եւ բարդացուցած է, իսկ վարձկաններու ու ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը պատերազմին առաւել եւս վտանգած է ամբողջ շրջանը: Հայրապետը նաեւ պարզեց Թուրքիոյ փանթուրանական ծրագիրը եւ անոր վտանգալից հետեւանքները, նոյն ժամանակ յայտնելով, որ Ռուսիոյ հաւասարակշռուած մօտեցումը դժբախտաբար աւելի կը քաջալերէ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը եւ կը նպաստէ անոնց քաղաքական ծրագիրներուն:
Այս ընդհանուր խորքին վրայ, վեհափառը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Ֆրանսիս պապին, որ երկու առիթներով իր հրապարակային խօսքին մէջ անդրադարձած էր Արցախի պատերազմին եւ զինադադարի կոչ ուղղած: Ապա, Արամ Ա. ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը կը սպասէ, որ Վատիկան աւելի ազդու դերակատարութիւն ունենայ՝ ճանչնալով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Քոսովոյի նման, իբրեւ հիմնական ու մնայուն լուծում Արցախի հարցին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման: Կաթողւկոսը նոյն ատեն ընդգծեց, որ բոլոր պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը երբե՛ք պիտի չընդունի, որ Արցախը մաս կազմէ Ատրպէյճանի:
Պապական նուիրակը խոստացաւ անմիջապէս վեհափառ հայրապետին կողմէ արտայայտուած մտածումները եւ սպասումները փոխանցել Ֆրանսիս պապին եւ Վատիկանի պատասխանատուներուն: