ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 2020ի նախագահական ընտրութիւնը, որ շատ տարբեր էր նախորդ նախագահական ընտրութիւններէն, չկրցաւ 3 Նոյեմբերին յստակացնել երկրին յաջորդ նախագահին անունը, յատկապէս որովհետեւ քուէարկութեան արդիւնքները շատ մօտիկ էին կարգ մը նահանգներու մէջ:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակի պայմաններուն մէջ կատարուած ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը՝ 66.9 տոկոս (առաւել քան 160 միլիոն ընտրողներ), ամէնէն բարձրն է 1900էն ի վեր եւ ինչ ալ ըլլայ վերջնական արդիւնքը, Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Ճօ Պայտըն պիտի հանդիսանայ երկրին պատմութեան մէջ մեծագոյն թիւով քուէները ստացած թեկնածուն:
Ըստ «Էյ.Փի.»ի (Associated Press-AP) հաշուարկներուն՝ Պայտըն ցարդ ապահոված է 264 ընտրական պատուիրակներ, իսկ նախագահ Տանըլտ Թրամփ՝ 214: Նախագահ ընտրուելու համար անհչաժեշտ է ապահովել առնուազն 270 պատուիրակներու քուէները:
Կարգ մը լրատու գործակալութիւններ Պայտընին 253 քուէներ կու տան, որովհետեւ վերջնական չեն նկատեր Արիզնոյի արդիւնքը, ուռ Պայտըն յստակ առաւելութիւն ունի։
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Միշիկըն, Ուիսքանսըն, Փենսիլվենիա Հիւսիսային Քերոլայնա եւ Ճորճիա վճրորոշ դեր պիտի ունենան Սպիտակ տան յաջորդ բնակիչը որոշելուն մէջ:
Նկատի ունենալով, որ դեմոկրատներ մեծ մասամբ նամակատան միջոցաւ քուէարկած էին եւ այդ քուէաթերթիկները աւելի ուշ սկսան հաշուըւիլ, նշեալ 4 նահանգներուն մէջ Թրամփի ապահոված առաւելութիւնը շոգիանալու սկսաւ Չորեքաշբթի օր եւ Արիզնոյի, Միշիկընի ու Ուիսքանսընի մէջ Պայտըն յաղթական հռչակուեցաւ։
Այս պատճառով, Թրամփի դատեր բացաւ, փորձելով կասեցնել քուէներու հաշուարկը, որուն հետեւանքով ցոյցեր սկսան տեղի ունենալ քուէները ամբողջութամբ հաշուելու ընտրանքին դէմ եւ թեր։
Հինգշաբթի օր յայտարարուեցաւ, որ Նեւատայի մէջ վերջնական արդիւնքը կրնայ Նոյեմբեր 12ին հրապարակուիլ, սակայն շաբաթավերջին աւելի յստակ արդիւնք մը ակնկալելի է։
Մինչ Պայտըն վերջնական արդիւնքներուն համբերութեամբ սպասելու կոչեր կը կատարէ, Թրամփ, որ անհիմն կերպով ինքզինք յաղթական հռչակած էր, կը ջանայ կասկածի տակ դնել ընտրութիւններու արդիւնքը:
Պայտըն «ապատեղակատուութեան արշաւ» որակեց նշեալ դատերը։
Ծերակոյտին մէջ, հանրապետականները ցարդ 48-46 առաւելութիւն ապահոված են (երկու անկախ ծերակուտականներ սովորաբար դեմոկրատներուն համամիտ են), իսկ Ներկայացուցիչներու տունը շատ հաւանաբար պիտի մնայ դեմոկրատներուն հակակշիռին տակ: Դեմոկրատները ցարդ ապահոված են 208, իսկ հանրապետականները՝ 190 աթոռներ։ Գերիշխող մեծամասնութեան համար հարկաւոր են 218 աթոռներ։
Նշենք, որ ընտրութիւններու օրէն առաջ իսկ, իրենց քուէները յանձնած էին առաւել քան 100 միլիոն ամերիկացիներ, ինչ որ 2016ի ընտրութիւններուն այդ ցուցանիշին աւելի քան կրկնապատիկն է: