Գանատայի Քեպեք նահանգի Լավալ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը 4 Նոյեմբերին միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
Այս բանաձեւով, խորհուրդը կը ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուին Արցախի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճնական ռազմական գործողութիւնները եւ կոչ կ՛ուղղուի Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան եւ Քեպեքի նահանգային կառավարութեան, որ սատարեն Արցախի հակամարտութեան գծով միջազգային մարդասիրական օրէնքներու գործադրման: