ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ խորհրդարանի երկու անդամներ՝ Թիլ Մանսման եւ Ալպերթ Վայլեր, որոնք Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս միջխորհրդարանական բարեկամական խմբակի փոխնախագահներն են, բաց նամակով դիմեցին վարչապետ Անկելա Մերքելին՝ կոչ ընելով, որ պատժամիջոցներ սահմանուին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլ պաշտօնատարներու դէմ:
Մանսման եւ Վայլեր նամակին մէջ կ՛ըսեն հետեւեալը. «Մենք կը վկայակենք, որ Ատրպէյճանի կողմէ մարդասիրական իրաւունքի աղաղակող խախտումները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական աղէտ պատճառած են: Ալիեւ գերմանական հանրային պատկերսփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ իր սանձազերծած պատերազմին նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի հայերը տեղահանելն է: Ասիկա ցեղային զտում է, զոր պէտք է դատապարտել՝ իբրեւ ռազմական յանցագործութիւն։ Միաժամանակ, ԼՂի քաղաքացիական բնակչութեան դէմ օգտագործուած են արգիլուած ռումբեր, ցուցադրաբար ներկայացուած են հայ ռազմագերիներու գնդակահարման եւ գլխատման տեսանիւթեր: Սուրիայէն բերուած ծայրայեղական վարձկաններուն իւրաքանչիւր գլխատուած հայու համար խոստացուած է հարիւրական տոլար:
«Իբրեւ պատժամիջոցներ, պէտք է կիրառուին՝ դրամատնային գումարներու սառեցում, Եւրոպական Միութիւն մուտքի արգելքը, եւրոպական օդանաւային ընկերութիւններ գործածելու արգելք, ինչպէս նաեւ գերմանական եւ եւրոպական դրամատուներու հետ գործարքներու խզում»: